2014-09-21 08:27:44

Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի` 25 Ապրիլ 1993թ. Թիրանայի ''Սկատենբուրգ'' հրապարակին վրայ ալպանացի ժողովուրդին ուղղած յուզիչ ճառ


Ֆրանչեսկոս Պապի դԷպի Ալպանիա կատարած հովուական ալցելութեան առիթով համառօտ կերպով կը ներկայացնենք Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի` 25 Ապրիլ 1993թ. Թիրանայի ''Սկատենբուրգ'' հրապարակին վրայ ալպանացի ժողովուրդին ուղղած հուզիչ ճառը:

Յարգարժան Պրն. Նախագահ,
Պատուարժան քաղաքական, զինուորական եւ եկեղեցական իշխանութիւններ,
Սիրելի Ալպանացի եղբայրներ եւ քոյրեր.
Արարողութիւններով եւ հանդիսութիւններով յագեցած այս օրուընէ ետք, ուր առիթ ունեցայ անձամբ շօշափելու ոչ միայն Կաթողիկէ հասարակութեան թրթռուն հաւատքը, այլ նաեւ ալպանացի ժողովուրդին ջերմ ընդունելութիւնը: Ահա հասած է հրաժեշտի պահը եւ մեծ յուզումով կը պատրաստուիմ ձեզ ձգելու: Անաստուածութեան խեղդող եւ բռնատիրական երկար ու մութ տարիներէ յետոյ, ձեր մէջ տեսայ երիտասարդ ժողովրդավարութեան մը քաջութիւնը, որ վճռականօրէն անցած է ազատութեան ուղիներէ: Շնորհակալ եմ ձեր ջերմ ընդունելութեան համար: Կը վերադառնամ Հռոմ՝ ձեր երկիրը տանելով մտքիս եւ սրտիս մէջ: Ես եկայ ձեր մէջ՝ կատարելու իմ՝ Պետրոսի յաջորդի առաքելութիւնը Ընդհանրական Եկեղեցւոյ մէջ եւ վկայելու այսքան երկար փորձուած հաւատացեալներու՝ աշխարհքով մէկ ցրուած իրենց եղբայրներուն զօրակցութիւնը: Եկած եմ ձեր մէջ իմ եղբայրական յարգանքը մատուցելու նաեւ տարբեր կրօնական հասարակութիւններու, որոնք հոս դարերէ ի վեր միասին կ'ապրին: Եկած եմ հիացումս եւ օժանդակութիւնս ցուցաբերելու իւրաքանչիւր ալպանացիի՝ այս նուրբ պատմական անցքին եւ սոցիալական եւ հոգեւոր բաղձալի վերանորոգումին:
Սիրելի ալպանացի եղբայրներ եւ քոյրեր, անցեալին քանի անգամներ ստիպուեցաք ուժով պաշտպանլու ձեր ինքնութիւնը: Դուք տառապեցաք ձեր ազգին համար, ուրեմն պատճառ ունիք զայն սաստկօրէն սիրելու: Ձեր ժողովուրդին հետ պատահածը վրդովեցուցիչ ողբերգութիւն մըն էր Համայնավարներու ճնշումներու տակ: Ամէն պարագայի, սարսափելի էր մարդկային կեանքի պատկերը բռնատիրական վարչաձեւերուն մէջ՝ ինչպէս որ դուք ապրեցաք, ուր մարդը զրկուած էր իր ամենագլխաւոր իրաւունքներէ. Անձնական կարծիքի եւ անհատական գործունէութեան եւ խղճի ազատութենէ: Զրկում` որ շատ անասելի վայրագութեան բնոյթ ստացաւ: Մի՞թէ չփակուեցան եկեղեցիները, մինչեւ իսկ վարդապետներ մահուան դատապարուեցան, որովհետեւ համարձակեցան Ս. Խորհուրդները մատակարարել: Մի՞թէ չհալածուեցան ու չբանտարկուեցան քրիստոնեաները: Համառ պայքար մղուեցաւ կրօնի դէմ՝ Համայնավարներու սոցիալական եւ քաղաքական անձեռնմխելի գախափարախոսութեան ծիրէն ներս:
Ձեր ողբերգութիւնը, սիրելի ալպանացիներ, պէտք է հետաքրքրէ եւրոպական երկիրները եւ անհրաժեշտ է որ Եւրոպան չմոռնայ: Այս է դժբախտաբար այսօրուայն ձգտումը, ամնիջապէս դարձնել էջը, մոռնալով ինչ եղած է եւ առաջ նայիլ: Այո, որոշ պարագաներուն ճիշտ է, սակայն, պէտք է վառ պահել հասունցած փորձառութեան յիշատակը ապագային համար: Կրօնական ազատութիւնը, զորս հիմա կը վայելէք, Աստուծմէ պարգեւ մըն է ամենուն, ան ազատութեան ամէն տեսակի արտայայտութեան հիմնական երաշխիքն է: Այն կը վերաբերի մարդուս ներաշխարհին՝ այն անձեռնմխելի սրբարանին, որ է Խիղճը, ուր մարդ արարածըկը հանդիպի Ստեղծողին եւ կը ստանայ իր արժանապատութեան լիարժէք գիտակցութիւնը: Արդարեւ, ճշմարիտ հաւատքը չի բաժներ մարդիկը, այլ, զանոնք կը միացնէ հակառակ անոնց տարբերութեան:Կրօնական ազատութիւնը բռնատիրութեան դէմ պատուար մըն է եւ օժանդակութիւն մը մարդկային եղբայրութեան: Հայրենիքի վառ զգացումը որ այս պահուս կզգաք, թող չ'ապականի երբեք հարձակողական եւ անհանդուրժող ազգայնականութեամբ, որոնք մինչեւ օրս զոհեր կը հնձեն եւ կը բորբոքեն վայրենի ատելութիւն մը աշխարհքի տարբեր կողմերը:
Ժողովրդավարական հասարակութիւն մը չի կերտուիր մէկ անգամ ընդ միշտ, այն կը պահանջէ ամէնօրեայ հսկում եւ ուշադիր համագործակցութիւն ամենուն կողմէ: Ալպանիոյ այս վերանորոգ երիտասարդութեանը, Եկեղեցին իր նպաստը պիտի բերէ:
Ալպանացի ժողովուրդ, քաջութեամբ ընթացիր ազատութեան եւ համերաշխութեան ուղիէն, ճիշտ է թէ այն դժուարին է, սակայն ցանուած է յույսով: Թո՛ղ քեզի ընկերանայ քու մարտիրոսներուդ, բռնատիրական խեղդող վարչաձեւի երկար ու ձիգ տարիներու ազատութեան այդ արթուն հսկողներուն ուժը, թող ընտանիքի սէրը, եղբայրութեան հոգին եւ քու ազգիդ բնորոշ առաքինութիւնները լուսաւորեն քու քայլերդ:
Թող Աստուած պահպանէ ձեր հայրենիքը ինչպէս նաեւ ալպանացի ժողովուրդը:








All the contents on this site are copyrighted ©.